Կարօ Արմենեան: Յաճախանք
Աղբակոյտն է այս քաղաքին
որ կը վառեն
այսպէս անգութ
ու անխնայ
թէժ հրդեհն է համատարած
որ կը լափէ
անասնօրէն
հարստութիւնն այս մերժուած
բոցավառուող այս կիրակին
իր հուրերով թող հրճուի
զուարճանան թող անտարբեր
հայր ու տղայ
մայթին վրայ
գռիհներէն մարդ կը յորդի
կը հեղեղուի մայր պողոտան
ու բիրտ երգեր կը շառաչեն
հարթակներէն անփութութեան
քաղաքն այսպէս կ'ուրախանայ
աղբ կը թափէ ինքնիր վրայ
մինչ կիրակին այսպէս կու լայ
իր իւղերով կը տապկուի
Աղբակոյտն է որ կը վառեն
ու կը ձգեն որ մոխրանայ
յիշողութիւնն այս նողկալի
որ կը դիզուի երկրիդ վրայ
No comments:
Post a Comment