ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ Յետ մահու եւ յաւիտեան մենախօսութիւն Արշիլ Կորքիի
Տունս նման է բլուրի
Բլուրը՝ դիզուած փլատակի։
Երաժիշտ ծովուն թռչուններ չեն այցելեր
Զանգակը խլուած է եկեղեցիէն։
Մնացի տեղէ մը կախուած
Թեւերս յարատեւ երկարեցան
Գոյներս անցան սահմաններ։
Ե՞րբ կերեր է ցեցը մօրս գոգնոցը
Սրածայր մուճակներս ո՞ւր աքսորուած են
Խաչն ալ հանուած է գմբէթէն։
Ծիծաղկուն գիւղս ծերացած, կոյր ու հլու
Ականջը տուեր է ալիքներուն, ի՞նչ կը սպասէ.
Ճռուողուն օրօրոց, ճօճուող պարան
Ու բանալիները իր յիշողութեան՝ տարեր է մշուշը։
Այն օրերուն՝ ինք ալ զիս կը յիշէ՞ր արդեօք։
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական ամսաթերթին մէջ։
No comments:
Post a Comment