Monday, December 31, 2012

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ: ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ


Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ – սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Ես ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս:

No comments: