Friday, November 02, 2012

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ; ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԴ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ԵՏՔ


Ահեղ կոհակը ջարդի, որ հայածուծ արեան մէջ
Թաթխեց գիւղդ, եւ դուն բոպիկ ու անօթի
Գաղթի ճամբան բռնեցիր քովիկը մօրդ փէշին,
Ի՞նչ գոյն, ի՞նչ ցաւ կը տեսնէիր, Ոստանի՛կ։

Գիւղդ դատարկ է հիմա։ Հարիւր տարուայ ոճրագործի համրութիւն։
Պարտէզները դեռ կանաչ են, բայց հին զմրուխտը չունին.
Աքլորներու, հաւիկներու, դէպի կապոյտ տանող ճամբուն
Յարդի դէզերը պառկած են, իսկ նոճիները կանգնած։

Մայրդ մեռաւ, սակայն երբեք չհեռացաւ կեանքիդ ճամբէն.
Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց յուզմանդ երակներով
պատմուճաններ տուիր կեանքի,
պահպանեցիր կենսախտիղ արեգակը Խորգումի,
ջրաղացը, յուշի ցանցը, մօրդ ձեռագործ գոգնոցը։

Այսօր՝ կիներ լաչակաւոր եւ վառվռուն երեխաներ
Հողէ ճամբուն տնակներէն իրենց փափուկ հոգիներով
Կը դիտէին ուխտաւորները նախկին ցեղին,
Երբ Քիւրտն եկաւ ու ըսաւ. «այստեղ Հայեր կ՛ապրէին։«

Պոսթընի մէջ, Նիւ Եորքի մէջ կայնած երկար հասակով
Տըլէ եամա՜՜ն, գոյնին յուզում, ձեւին իմաստ հագցուցիր.
Չափուած-ձեւուած պաստառին վրայ անսահմանը գծելով
Խայտաբղէտ աշխարհին Ոսկեղնիկէն բխած գոյներ նուիրեցիր։

Յորդուն էիր կեանք ու երգով, ու դոփելով
Թաշկինակը ձեռքիդ մէջ, մտքիդ բերքով
Առինքնեցիր նկարիչները տեղացի, ծագէ ծագ.
Բայց դուն Կորքի, ուրի՜շ կերպեր, այլ կարօտներ ունէիր։

Վերջին կոհակը սակայն՝ ոչ ընտանիք, ոչ Աստուած,
ոչ բարեկամդ տեսաւ.
Քեզ հալածեց ու մահաբեր ցուպը ձեռքէն չձգեց։
Երբ միայնակ ու յուսաբեկ՝ վիզիդ պարան կ՛անցընէիր
Արշիլ Կորքի, կեանքէն հոսող ի՞նչ սեւութիւն, սիրտդ
խայթող ո՛ր դրուագը կը սգայիր։

Մարած վարդի հորիզոնէն Վանայ լիճը կը խռովի
թէ ո՞ւր մնաց Ոստանիկը,
Սուրբ Խաչ անքուն ճգնաւորը կապոյտ աղօթք կը ծածանէ.
Ուխտի՛ եկանք շէկ հանճարիդ, դուն կենարար դափնեպսակ
Աշխարհասփիւռ արուեստի։ Դուն գոյներու շարակա՜ն։

Սեպտեմμեր 2012
Նիւ Ճըրզի

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական թերթին մէջ։

No comments: