Tuesday, November 06, 2018

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ: ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ


Նիկոլ Փաշինեանին

Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի մայրանայ կրկին
Երկիրը չ՚երգեր այլեւս անտունին։
Ճշդուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոյն ոռնոցն է նորէն,
Գերճնշուած աչք՝ ադամամութի ճեղքուած արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին։

Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի
Գիտէ՛ որ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ոչ զոհ է, ոչ հերոս, ոչ նահատակ, ոչ քուրմ,
Միայն պատարագիչը ազատութեա՜ն տօնի
Արդարութեան ծիածանի:
Հեռուն լեռնաշղթայ եւ միտք խանձող գիշեր
Քովը՝ կիսալեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ ՝ պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ։
Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ ազատութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի:

Ո՞վ մեռաւ, ուրիշ ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս…

Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը թեքեց
Եփրատի կոկորդը խզեց եղերգը հին.
Եղիցի լո՜յս
Ճամբան կորսնցուցած Երկրին մէջ
Պնդացած մկաններ յաղթութիւն կոփեցին։
Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը վառեց
Իսկ խաղողը ճմլեց ստինքներն իր հիւթեղ,
Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ հին արեւի գահին,
Շինականը պատռե՛ց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն։

Կանգնած են բազմաճակատ՝ տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած են միաճակատ՝ այդ երկունքի կողքին։
Կանգնած է գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած է բարձրաճակատ, կիսաբաց շրթներով
Ապստամբութիւնը մերկ։
Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ ուր ամենահեռաւոր
կէտերը կը միանան։ Պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես,
շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ
հնձանի մէջ, ու ցորենը համրօրէն իր մարմինը բաժնէ,
քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ
մինչեւ ղօղանջեն։

Ո՞վ լսեց սոյլը վերջին վանկի
Սկիզբ ու վերջ չունեցող քամին հրաթեւ։
Արեւմարը փռեց ոսկի սաւանը
Եւ կարմիր ու կապոյտ լանջախաչեր դրաւ
Մայրացող Երկրին. ծանրացող ուխտին.
Երկիրը այս անգամ չերգեց Տէր Ողորմեան

Կը շնչէ Երկիրը խնդութեան հեղեղի մէջ։



(Հորիզոն Գրական, Մայիս 2018)

No comments: