Wednesday, May 22, 2013

Մուշեղ ԻՇԽԱՆ։ Օրհնութիւն


Տարեդարձի սա սեղանիդ քով զուարթ,
Ուր երեք մոմ կեանքիդ գարունը երրեակ
Կ՛ընծայեն մեզ իբրեւ լուսէ պատարագ`
Այսօր կ՛օրհնեմ քեզ աղօթքով հնաւանդ:

Շուրջդ չկան վսեմ դէմքեր ալեւոր,
Ո՛չ ալ, աւա՜ղ, կ՛ըլլայ վրադ հովանի
Հայրենի տան մեր հին կաղնին վիթխարի,
Սակայն իմ մէջ` պապերուդ շո՛ւնչն է հզօր:

Եւ քեզ կ՛օրհնեմ բոլոր անոնց փոխարէն,
Որոնք կեանքէն աչքերնին բաց մեկնեցան,
Որոնց հոգին օրհնէքի տեղ հայրական`
Դարձաւ անէծք աշխարհի չար բախտին դէմ:

Օրերդ ըլլա՜ն ջուրի պէս ջինջ ու յորդուն,
Տանին կարկաչ, տանին ճաճանչ երկնային
Ծարաւահիւծ սրտերու մութ սափորին
Եւ ծաղիկներ սփռեն բոլո՜ր ափերուն:

Երբ հող բռնես` դառնայ ոսկի ափիդ մէջ
Եւ ոսկին պաղ` բուռ մը արեւ կենսատու,
Երբ դուն հպիս ատելութեան ժայռերուն`
Սիրոյ ակեր բխին մատնէդ քու անվերջ:

Քու ցաւերուդ, քու վէրքերուդ հրայրքէն
Թող ուրիշներ քամեն գինին խնդութեան
Եւ արցունքիդ շիթերն անգամ որ կ՛իյնան`
Գիշերն անյոյս թող աստղերով զարդարեն…

Երբ որ, տղա՛ս, իյնաս ճամբայ դուն մինակ`
Մեծ ամբոխներ շարժին խիզախ երթիդ հետ
Եւ ամէնուր քեզ սպասեն ակնդէտ,
Ինչպէս գարնան աւետաբեր ծիծեռնակ…

No comments: