Կարէն Գազանչ: Ընտանիքս դարձաւ
Ընտանիքս դարձաւ
Տանիքէ զրկուած գերդաստան մը
1001 վայր ապրող խճանկար մը
զատուած, հատուած եւ բզկտուած
ովկիանոսի տակ խորտակուած հինաւուրց քաղաք մը
Ծերերը գլուխը շալով կապուած
մինակը կը նստին
Մանուկները արոյնով տապկուած
մինակը կը ծնին
սակայն ամենը միւսին ազգական
ամենը միւսին օտարական
Կը բանամ պատկերատետր մեր
հին եւ մաշուած, սեւ ու ճերմակ
հարիւրաւոր լուսանկարներ
սուրբ հացով լի խնջոյքի սեղաններ
որոնք աւելի գոյն կը ընձեռէ կյանգիս
քան դուրսի ծիածաններէն աչքիս
Ընտանիքս դարձաւ
Տանիք չունեցող գերդաստան մը
1001 վայր ապրող խճանկար մը
զատուած, հատուած եւ բզկտուած
ովկիանոսի տակ խորտակուած հինաւուրց քաղաք մը
No comments:
Post a Comment