Friday, May 17, 2013

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ: [Նոր երազներ կան...]


Նոր երազներ կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար,
ես չեմ կրնար առաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին
լուսինն է, լուռ երկինքն է նման ներքին աշխարհին,
անցեալ, գալիք կ՛ընեն դառն, անբաղձալի` հոս իրար:

Գիշերներն` հոս կը յիշեմ թէ հին աշխարհը` հեռուն`
կը կործանէր: Կռիւ էր ճամբուս վրայ, սարսափ, սով:
Հինն էր փտած, նորն էր բիրտ` իր հաւատքով եւ յոյսով:
Հեղեղն էր մեծ` իր խլած եւ իր տուած զոհերուն:

Մեր դարն ոմանք կը տեսնեն մեծ, հանճարեղ, վերջնական,
եւ չէ, ճամբայ կայ դեռ մեծ եւ անհունն է անսպառ
հոգին անհուն, մարդկային ըլլալն է դեռ անհնար:
Եկող յոյսերը վսեմ` միշտ չարիքի պէս կու գան:

Եւ անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ` մինչ կը շրջին
մոլորակներ մետաղէ եւ պողպատներ կը սուրան
անհունէն վեր, կը թռչին մեքենաներ մոգական,
անջրպետներ կը կտրեն ուղեւորներն առաջին:

«Միջերկրական»

No comments: