Sunday, May 19, 2013

Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան: Ծառ Մըն Եմ Ես


Ծառ մըն եմ ես
Արեւուն տակ Հայաստանի`
Կանաչագեղ ու լայն բացուած
Ոտներս ամուր`
Օձերու պէս
Կը պլլուին մեր սուրբ հողին
Խաչքարերուն,
Ու թերեւս բաց հովերուն`
Ես Յիսուսին պէս կը կանգնիմ
Լերան վրայ:

Վարը, հեռուն,
Ահաւասիկ արտերն անհուն ցորեններուն,
Եւ հնձաններ,
Որոնք հսկայ թռչուններու պէս կը քալեն
Արտերուն մէջ ցորեններուն:
Ու կը տեսնեմ
Լակոտներ քա՛ջ եւ ոգեւոր,
Խանձած խոտին վրայ բուրեան,
Գիւղ կը քշեն`
Աճած, գիրցած
Արջառն անթիւ,
Ակնարկին տակ
Լուսապսակ
Լուսաւորչին:

Ծառ մըն եմ ես
Արեւուն տակ Հայաստանի`
Կանաչագեղ ու լայն բացուած
Ու թերեւս բաց հովերուն`
Ես Յիսուսին պէս կը կանգնիմ
Լերան վրայ:


No comments: