Wednesday, November 23, 2011

Մուշեղ Իշխան։ Մարդ մը կը ծեծեն

Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն.
Ծառերուն վրայ՝ թռչուններ զուարթ…
Ո՞վ գիտէ որ արդ,
այս անուշ պահուն,
Մարդկային ձայնի լարերով բոլոր,
Տառապանքն անհուն, ցաւը մեծազօր
Գայլի պէս կ՛ոռնայ…
Հիմա, օ՜ հիմա,
Երբ դուրսը պայծառ արեւէ է փռուեր,
Բանտի մը մթին նկուղին մէջ խոր,
Բիրերով զինուած մարդկային ձեռքեր
Հեշտանքով վայրագ եւ մոլեգնօրէն
Մարդ մը կը ծեծեն։


Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն,
Անցորդներ ուրախ կ՛երթան դէպի տուն…
Ո՞վ կը կասկածի, 
թէ ճիշտ ա՛յս պահուն,
Խոնաւ յատակին մութ բանտախուցի,
Մարդու մը մէջքին, գլխուն, ուսերուն
Հաստ կաղնեփայտի եւ խարազանի
Հարուածներ կ՛իջնեն։
Լպրծուն ու տաք արիւն կը ժայթքի
Կոկորդէն, քիթէն…
Թռչող պարանի սոյլեր ահաւոր
Ակօս առ ակօս իր մերկ կռնակին
Դաշտը կը հերկեն…
Ամէն մէկ զարկին՝
Ոսկորներ ճաթած եւ ճղակտոր
Կը դառնան ցաւի մեծագոռ շեփոր…



Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն,
Միջոցին մէջ լուռ՝ զանգեր աղօթքի…
Ո՞վ կը կասկածի,
թէ այս սուրբ պահուն,
Մարդ մը բանտի մէջ թաղուած կենդանի՝
Քամած է վերջին շիթը արցունքի,
Պարկի մը պէս թոյլ ինկած յատակին՝
Ալ չի մռնչեր…
Մահուան դարպասին հասած է հոգին.
Բայց չորս զոյգ ուժեղ, հոգածու ձեռքեր
Բարերար ջուրի լոգանքով նորէն
Զինք ետ կը խլեն մահուան ճիրանէն…
Եւ ահա կրկին,
Ի սէր օրէնքի եւ գաղափարի,
հարուածներ փայտի
Աւելի թափով, աւելի ուժգին
Կ՛իջնեն ուսերուն, կ՛իջնեն կռնակին…

Ամառնամուտի խաղա՜ղ իրիկուն…


1968 Ապրիլ


Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968

No comments: