Wednesday, November 16, 2011

Արամ Քէթէնճեան։ Ինչպէ՞ս Գովեմ Քո Աչքերը

Ինչպէ՞ս գովեմ Քո աչքերը,
Որ, անզօրըս, Արարչին դէմ
Չմեղանչեմ...
Ինչպէ՞ս զանոնք նկարագրեմ,
Որ Քո հանդէպ
Մեղք չգործեմ:

Շագանակի գոյնով օծուն,
Գմբէթաւոր յօնքերէդ վար
Ու շուքին տակ
Թարթիչներուդ
Կախարդական ՝
Յար կը ժպտին
Քո աչքերը,
Զուտ հայկական:

Ջինջ ճերմակին մէջ աչքերուդ,
Կը լողայ բիբն
Ինչպէս ուլունք.
Երանգն անոր շախաղուած է
Ընտիր մեղրէն անտառներու
Եւ սուրճովը արեւելեան.
Թէ քաղցրալիր
Եւ թէ՝ ցնցիչ:
Սիրտը բիբին՝
Ուլունք մ’ուրիշ
Մանրիկ ու սեւ,
Ուրկէ շողի անվերջ շողե՜ր
Կը շողշողան.
Կը թափանցեն՝
Մերթ Քո եռուն
Սրտին լոյսը.
Մերթ զուարթուն
Հոգւոյդ կանչը.
Մերթ համբոյրի կարօ՜տն անհուն
Նաեւ՝ Քո սէրն
Անմահական...

Աչուկներըդ խօսուն ու վառ,
Այնքան մօտ են
Իմ աչքերուն՝
Որ ես շշմած ու ապշահար,
Կը նուաղիմ,
Կը քարանամ
Կուռքի նման:

Երբ որ նայիս հայելիին
Ու հանդիպին աչքերդ իրար՝
Իսկոյն որոտ ու
Կայծակներ,
Խորաթափանց ճառագայթներ՝
Հայելիէն դուրս կը ժայթքին
Պայթիւնի պէս
Հիւլէական...
Ու երբ նայիս
Միա՛յն մէկին, մեղանուշ ու
Գորովական՝
Միւսն այնտեղէն խանդո՜վ եռուն
-Կա՛նգ ա՛ռ, - կ’ըսէ
-Ու ի՛նձ գովէ՛,
Ո՜վ արարած եդեմական...

Ինչպէ՞ս գովեմ Քո աչքերը...

Արամ Քէթէնճեան 

Նոյեմբեր 2011

No comments: