Մուշեղ Իշխան։ Ես դեռ կը քալեմ
Ես դեռ կը դիտեմ երկինքը կապոյտ,
Մութ է քու վերեւ.
Ես դեռ կը տեսնեմ շողքն աչուըներուդ,
Դուն չունիս արեւ։
Ես դեռ կը լսեմ ձայնըդ հոգեթով,
Դուն լուրռ ես յաւէտ,
Ես դեռ կը խայտամ քու շէն ծիծաղով,
Դուն գացիր ցաւէդ։
Ես դեռ կը տեսնեմ սիրելիդ ժպտուն,
Դուն չունիս կարօտ,
Ես դեռ կը ժպտիմ հին ընկերներուն,
Ո՛չ ոք կայ քու մօտ։
Ես դեռ կը սպասեմ լուսաշող վաղուան,
Դուն եղար անցեալ.
Ես դեռ կը քալեմ նոյն ծանօթ ճամբան,
Դուն՝ մե՜ծ կորուսեալ…
1967 Յուլիս
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
No comments:
Post a Comment