Մուշեղ Իշխան։ Աշխարհի ցաւով
Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս։
Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն,
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնին մարդիկ՝ արիւնով հարբած։
Գլուխս ի՞նչպէս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անդին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով։
Սուրի ու սովի կը դառնան աւար,
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան՝ հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն։
Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնջոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի մը բերնէն պատառը հացի։
Աստուա՜ծ իմ, որքան անարդար վճիռ.
-- Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
-- Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս։
Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968
No comments:
Post a Comment