Friday, November 25, 2011

Մուշեղ Իշխան։ Այս հացը ճերմակ

Այս հացը ճերմակ, իմ ձեռքէրուս մէջ,
Մերժուած կեանքի կարօտ է անշէջ.
Աչքերուն առջեւ անհամար մարդոց՝
Երազ է անհաս, ճանապարհն անվերջ…


Պատառը հացին, կակուղ ու ճերմակ,
Արեան համ ունի ակռաներուս տակ,
Անօթի մարող, անօթի մեռնող
Աշխատաւորին արիւնով կրակ…


Որքա՜ն մարմիններ՝ մոմի պէս հալած,
Իւղասպառ լոյսով աչքեր կիսաբաց,
Որքա՜ն սովատանջ մանուկներ կմախք,
Որոնք կ՛աղերսեն կտոր մը չոր հաց…


Օ՜, ինչպէ՜ս ծամել վայելքով հեշտին
Այս հանապազորդ պատառը հացին,
Աշխարհէ աշխարհ քաղցը ցաւագին…
Երբ թոյն ու ոճիր կը դիզէ հիմա


Իմ ձեռքերուս մէջ այս հացը ճերմակ
Կը դառնայ սեւ քար ու սեւ տառապանք,
Անօթի մարող, անօթի մեռնող
Անհամար մարդոց անէծքով կրակ…


1964 Օգոստոս




Մուշեղ Իշխան, «Տառապանք», Անթիլիաս 1968

No comments: