Sunday, January 23, 2011

Մուշեղ Իշխան։ Հայ լեզուն տունն է հայուն

Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ՛ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն,
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։

Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։

Մշտանորոգ ու միշտ հին՝ ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները՝ միշտ լոյս, իր օճախին հուրը՝ վա՛ռ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան։

Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան...



1936 
«ՏՈՒՆԵՐՈՒ ԵՐԳԸ» Պէյրութ 1936

No comments: