Saturday, January 01, 2011

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ ՅԱՆԿԱՐԾ


Տառապանքներով օծուած երգերուդ մէջէն
Այս գիշեր յանկարծ
Քրքիջ մը
Ցնծութեան քրքիջ մը թող ցայտայ

Անվերջանալի կարօտներով ճաթած շրթներուդ վրայ
Այս գիշեր յանկարծ
Համբոյր մը
Կրակի պէս համբոյր մը թող դրոշմուի

Յուսախաբութիւններով ակօսուած հոգիիդ մէջէն
Այս գիշեր յանկարծ
Ջրվէժ մը
Երջանկութեան ջրվէժ մը թող ժայթքի

Պատասխանատուութիւններով կքած ուսերուդ վրայ
Այս գիշեր յանկարծ
Զոյգ մը տատրակ
Զոյգ մը սիրոյ տատրակ թող թառի

Փուշերով շրջապատուած կեանքի ճամբուդ վրայ
Այս գիշեր յանկարծ
Կոկոն մը
Վարդի կոկոն մը թող բացուի

Եւ դարերու վիշտերով հիւսուած ճակատագրիդ վրայ
Այս գիշեր յանկարծ
Լոյս մը
Խոշոր լոյս մը թող ծաթի

Խոշոր լոյս մը թող ծաթի
Երազի պէս խոշոր լոյս մը
Այս գիշեր յանկարծ
Անդիմադարձ – անդարձ – անվերադարձ

Խոշոր լոյս մը թող ծաթի յանկարծ
Գորշ օրերու դէմ թիավարող նաւաստիներու
Գորշ օրերու դէմ ճակատաբաց կանգնած հերոսներու
Կամքի եւ պայքարի ճամբուն վրայ

Երազի պէս
Երազի չափ խոշոր լոյս մը թող ծաթի
Թող ծաթի այս գիշեր յանկարծակի
Սուրբ ճամբուն վրայ արցունքի եւ յաղթանակի


This poem appeared in Marmara, December 31, 2010. Many thanks to the poet and his daughter, Lora.

No comments: