Գէորգ Գալայճեան: ՉԿԱՐ
Պայծառ առաւօտ մը արեւը փնտռեցի
Եւ արցունքներս աչքերուս մէջ ցանեցին հազարաւոր արեւներ
Կլոր. կլոր անհունօրէն համատարած. իրար նմանող արեւներ
Պայծառ առաւօտ մը գտայ քեզ
Եւ աչքերս յափշտակութեամբ պտըտեցան
Մերթ մարմինիդ. Մերթ կուրծքերուդ եւ վերջապէս աչքերուդ
Եւ աչքերուդ պէս բիւրաւոր աչքեր,
հատիկ-հատիկ ինկան սրտիս մէջ լուռ,
Լուռ ձայնով մը զոր կը կոչենք զարկ
Զարկ, զա՜րկ, ԶԱ՛ՐԿ
Պայծառ առաւօտ մը քեզ կը դիտէի գաղտնօրէն
Գողի մը պէս գաղտագողի
Գաղտնօրէն կը գգուէի գեղեցկութիւնդ զգլխիչ
Եւ յանցաւոր մանուկի մը պէս
Հաճոյքս կը ծածկէի հասունութեան հասկերով:
Պայծառ առաւօտ մը երեկոներ կը փնտռէի
Մութին մէջ կորսնցնելու ժամանակին ճաճանչները ճշմարտութեան
Եւ զարկ, Զարկ, ԶԱՐԿ, ժամանակին շեշտերը սրածայր
Ելեկտրական կայծերով՝ իրականութեամբ ճշգրտուած:
Պայծառ առաւօտ մը
Բան մը փնտռելու իղձը կ՛ուզէի ունենալ
Բաներ կային բայց թոյլ չէին տար որ ես փնտռեմ,
Այլ իրենք, անոնք, և դուք զիս կը փնտռէիք
Ես հոն էի
Բայց դուք տակաւին զիս կը փնտռէիք
Դուք, իրենք, և անոնք:
No comments:
Post a Comment