Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան: ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԻՐԵՐԳ ՄԸ
Ո՜հ, սիրտս քու կ՝անչով կը մեղմանայ,
Գիտեմ դու մաղթանք մ՝ունիս ընծայ,
Որ հոգւոյս կու տայ համբոյրներ ծիրանի,
Ճա՜նի՝ ես կու գամ դու հոգ մի անի:
Դու ունիս զոյգ մը աչքեր շահէնի,
Ճանի ճան՜այ հոգիս քեզ կը տենչայ.
Քու սիրոյ երգ ու տաղով երանի,
Մարած քնարս շուտով կ՝արբենայ:
Արդ՜եօք կայ մէկը՝ որ քեզ նմանի,
Դու իմ սիրոյ երազը՝ շահանա՜յ.
Միտքս քու կանչերով կը մոլեգնի,
Ան քու կարօտին ինչպէս դիմանայ:
Հաւա՜տայ ճանըս քեզ համար ֆետայ,
Մատնիդ պիտ՝ բերեմ ոսկի մատանի.
Թո՝ղ մեր դրացիք գտնան պահանայ ...
Միայն դու ես իմ սիրոյն հաւանի:
No comments:
Post a Comment