ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ։ Վաղուան տունը
Պիտի կերտե՛մ ես կրկին քեզ քերթուածի մը նման,
Տուած մեր հին քարերուն բոցէ շաղախն արիւնիս.
Պիտի ժայթքիս լուսագեղ դուն ինչպէս նո՜ր, անմահ Բան՝
Պանդուխտի սե՛ւ օրերուս երկունքէն վերջ տանջալից...
Հողին վըրայ հայրերուս, ուր արեան տաք մո՜ւխ է դեռ՝
Պիտի կերտեմ քեզ գինո՛վ, անյագօրէն, քար առ քար,
Աչքերուս մէջ՝ շատերո՜ւ ջերմ կարօտներ վաղամեռ
Եւ թեւերուս՝ ուժն ամբողջ հայ հանճարին շինարար...
Դուն յաղթանիստ ու հպարտ պիտի ըլլաս կեանքին դէմ.
Հովն ու արեւն հայրենի պիտի հասակըդ գրկեն,
Կռունկներու երամներ՝ ամպերուն հետ լուսագեղմ՝
Ազատութեան երգերով պիտի ճախրեն վերեւէն:
Պիտի կանգնե՛մ քեզ իբրեւ կենսազեղուն յուշարձան՝
Հեռուն անթաղ կորսըւած մեռելներուն իմ բոլոր.
Քու մէջ հանգչիլ պիտի գայ անոնց հոգին անկայան,
Երբ հոն ընդմի՜շտ բաբախէ արեւաշող կեանք մը նոր...
Կտուրիդ տակ երջանիկ պիտի յառնէ մաս առ մաս
Հարազատ խումբն անցեալի մեր մեծ տոհմիկ քար ու քանդ.
Պարթեւ հասակն իմ եղբօր, քոյրիկիս դէմքը երազ
Եւ տակաւին՝ նոր դէմքեր՝ խորհրդասքող ու անյայտ...
Բոլորի՜ն դէմ դուռըդ բա՛ց պիտի ըլլայ շարունակ
Եւ լեցընեն պիտի քեզ ամեն առտու, երեկոյ
Շէնշող քրքիջ ու զրոյց, երգերու ձայն ու նուագ,
Բայց եւ խաղա՜ղ, լո՜ւռ պահեր՝ մտերմութեան ու սիրոյ:
Եւ երբ անցնին առջեւէդ աղջիկ, տղայ, փոքր ու մեծ՝
Պիտի կենան ու ըսեն անոնք իրար ժպտալիր.
_ Ա՛յս է ահա տունը մեր բանաստեղծին, որ երգեց
Տուներու Երգն ու երկա՜ր տառապեցաւ տարագիր...
No comments:
Post a Comment