Մուշեղ Իշխան։ Յիշեցէք զիս
Պիտի բախեմ, պիտի բախեմ այս գիշեր,
Երազներու դուռը փակ,
Որ պահ մը գէթ ձեր խիղճերուն հեշտասէր
Խորունկ քունէն արթննաք։
Չէ՞ք Ճանչնար զիս, ես այն մանչուկն եմ սիրուն,
Որ յոգնասպառ, կիսամերկ,
Անապատին մէջ Տէր Զօրի մտաւ քուն,
Եւ չարթնցաւ ալ երբէք։
Մի՛ սարսափիք կմախակերպ իմ տեսքէս,
Հող չեմ մտած ես բնաւ,
Կը շրջէի դիակներուն մէջ ա՛յսպէս,
Միշտ անօթի ու ծարաւ...
Սովի փուքէն փորս դարձած էր արդէն
Ուռած թմբուկ եւ կաշի
Եւ սրունքներս ալ մերկացած մսանէն՝
Մէյ-մէկ ցպիկ նուագի ...
Օրեր անվերջ կարօտ պատառ մը հացի,
Տեսայ արիւն, տեսայ մահ,
Քոսոտ այծի պէս միայն խոտ ծամեցի,
Խոտն ալ յետոյ չգտայ։
Ծեծը՝ ոչինչ, կը բուժուի վէրքը սուրին
Ոչինչ է վախն իսկ մահուան.
Սարսափելին՝ երբ սովատանջ կը մարին,
Փոքրիկ տղաք ինձ նման։
Ոչ զարդ կ՛ուզեմ եւ ոչ տաքուկ բրդեղէն,
Կմախքներ միշտ մերկ կ՛ըլլան.
Բայց երբ առնէք տաք հացիկներ դուք փուռէն՝
Յիշեցէ՜ք զիս անպայման․․․։
Պիտի բախեմ, պիտի բախեմ շարունակ
Մարդոց դռները բոլոր,
Որ ունենայ ամէն մանչուկ, ամէն աղջնակ,
Կտոր մը հաց ամէն օր։
1964 Օգոստոս
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
(1913-1990)
No comments:
Post a Comment