Զահրատ: ՓՈԽԱՐԷՆ
Տայի ինչ որ ուզէիր
խա՞նդ ուզէիր ա՛ռ ըսէի—ծովու չափ—
Խանդաղատա՞նք—պարուրէի քեզ անսահման գորովով —
Լո՞յս ուզէիր—ոտքիդ տակ արեգակներ շարէի —
Խաղաղութիւն թէ ցանկայիր—երկինքէն հազար ու մէկ
ծիածանով անցքիդ համար կերտէի։
Տայի ինչ որ ուզէիր
Ինչ որ կրնաս դեռ ուզել։
Յո՞յս ուզէիր—երա՞զ—պատրա՞նք—ինքս լեցուն եմ այնքան,
Որ ոչ թէ քեզ այլ տիեզերք մը յորդելու կը բաւէ,
Առ ըսէի—որքան կ՛ուզես—որքան կրնաս—աւելի—
Փոխարէն
Ազատութիւն—ազատութիւնս տայիր։

No comments:
Post a Comment