Նուէր Սիլահլը Տատուրեան։ ԼՈՒԱՑՔ
Նոր լուացուած զգեստներ
Կախուած են չուանի վրայ
Կաթիլ կաթիլ ջուրեր
Նման շիթ շիթ արձունքներու
Կը վազեն այտերն ի վար գոյներուն...
Կանանչ պլուզը
Պզտիկ ճնճղուկ մը կը կանչէ իր քով
Ինքզինքը ծառ կարծելով.
Իսկ վարդի նման փէշը կարմիր
Շուրջը մեղուներ
Օճարի հրապուրիչ բոյր կ՚արձակէ
Կապոյտ տաբատը կը կորսուի
Երկինքին մէջ, անտեսանելի կը դառնայ.
Ու դեղին գուլպաներ
Իրենք զիրենք արեւի նմանցնելով
Կը ճառագայթեն, փափուկ տաքութեամբ.
Ատեն կ՚անցնի
Բոլորը կը չորնան, թաշկինակէն զատ
Ան մելամաղձոտ
Շիթ, շիթ արցունքներ այտերն ի վար...
Նուէր Սիլահլը Տատուրեան
ՆՈՐ ՍԱՆ, Թիւ 2, 1991
No comments:
Post a Comment