Համաստեղ: Յոյսն Անստոյգ Գալիքին
Մեծցայ, մեծցայ որբի պէս, ձեռքիս տեղ սիրտս բացի.
Սիրտս ամենուն բաշխեցի ու նորէն որբ մնացի:
Հաւատացի ամենուն սիրով, ժպիտով մը անհուն:
Նորէն մինակ մնացի, նորէն մինակս լացի:
Ներսը ծնծղայ, ներսը պար, ներսը միշտ երգ ու կիթառ,
Չմօտեցայ դռներուն, լուռ հիացայ ու անցայ:
Լռութեան մէջ մութ ու խոր մտիկ ըրի միալար
Անձրևին, որ անդադար մարմինիս մէջ կը տեղար:
Մտիկ ըրի յուշերուս մահուան տխուր քայլերգին,
Ուր դագաղի մը ետև, որպէս թեթև լոյսի թև,
Յոյսն էր մոլար, որ կուլար, ձեռքին բռնած լար – քնար:
Յոյսը վաղուան արևին, յոյսն անստոյգ գալիքին:
No comments:
Post a Comment