Saturday, February 12, 2011

Մարուշ Երամեան: ԲԻՒՐԵՂ [Բ.]

Ծանր ու թանձր կախուեցաւ դանդաղ


մութը լեռներէն
սեւ մշուշի պէս թափանցեց չորս կողմ
եւ հովին փողը սգահար ոռնաց
ողբաց հեռուէն շարժող մօտեցող
ճակատագիրը


Լռութիւն եղաւ


կամաց արթնցան ապրումներ աղօտ
եւ արթնցուցին լոյսէ խտիղով
ծայրամասերը յոյզերու հեռու
հրուած մոռցուած ուրացուած հեռու


եւ փսփսացին բառեր քաղցր հեզ
բառեր խարանող ու տաղող հրկէզ
յետոյ կանչեցին զօրեղ դիւթանքով
ապա … լռեցին կրկին աղմուկով


* * *


Բոպիկ ոտքերով
Բիւրեղ տիկինը կեցաւ հովին դէմ


Լոյսին դաշոյնը
դեռ չէր արիւնած երկնքին կուրծքը
եւ լեռները դեռ չէին ողողուած
ցաւովը անոր
երբ Տիկինն առաւ թիկնոցը ուսին
ու գնաց մատուռ






Աղօթե՞լ
միայն Աստղիկին ահեղ


ծունկի՞ գալ
միայն Անահիտին դէմ
ու սիրտը դնել ոտքերուն ոսկի
եւ երկրպագել Վահագնին վայրագ
* * *


Լոյս մը հեռուէն
(լոյսերը միշտ հեռու իրմէ
իրը՝ ներսէն)
ափէն մինչեւ աչքին ճամբուն
պէս հարազատ ուղին մատրան


եւ ծնկաչոք խորանին դէմ
ցաւի    սուգի
յամառօրէն խլրտացող     յառնող սէրի


սպասումը անսովորին
-թէեւ անյոյս -
եւ մութին մէջ մերթ տատանող
կանչը լոյսին
ձեռքը առին
ու զինք մինչեւ
խորխորատին ափը տարին


* * *


Խորանին տակ      խաչին առջեւ
մութը թանձր
կը թրթռայ հաստ լարի պէս
կ՛արթնցնէ բնութիւնը իր թմբիրէն
թափ կու տայ եւ թափ կ՛առնէ
կը ներհիւսէ փոթորիկի մէջ անձայն
ու կ՛արարէ կրկնակ հիւսակ մը շքեղ


կը չքանան գիշերները դառնութեան




Յետոյ յանկարծ
բիւրեղացման այդ պահուն
խաչափայտէն կ՛իյնայ կտոր մը լուսէ
կ՛օրհնէ զիրենք
ու կը բաժնէ վերջնապէս






Մարուշ Երամեան, Հոկտեմբեր 2007

No comments: