Monday, April 07, 2008

Մանուկ Մանուկեան։ Մտալլկում

Կը մըտածեմ շատ անգամ - Ե՞րբ է վախճանը կեանքիս.
Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը հանգի տառապակոծ կեանքըս իմ …
Հոգիս ինչպէ՜ս պիտ՛ լըքէ խեղճուկ անօթը մարմնիս,
Ո՞ր տեսիլքէն, անմուրազ, պիտի փակուին աչքերս իմ։

Յանկարծօրէ՞ն պիտ՛ դադրի հիւանդկախ սիրտըս արդեօք.
Արնախուժո՜ւմ մը գուցէ՝ ուղեղիս մէջ փոթորկոտ.
Եւ կամ՝ մահ մը, փորը կուշտ, խաղաղօրէ՜ն եւ անհոգ,
Պայքարով մը թերեւըս, ճանկ ճանկի դէմ մոլեգնոտ։

Այսպէ՜ս յաճախ կը խորհիմ՝ օրէ օր քիչ մ՛աւելի,
Թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ե՞րբ արդեօք պիտի դադրի կեանքըս իմ,
Որ եղաւ խիստ ալեկոծ, իտէալական եւ արի…

Գիտե՛մ, շատե՜ր ինծի պէս կը տառապին նոյն մըտքով,
Օ՜, բայց ինգքա՜ն կ՛ուզէի գիտնալ վախճանը կեանքիս.
Պատրաստուելու համար սոսկ այդ գալոցին հոգեխռով՝

Եւ քաջութեամբ դիմելու՝ դէպի հուտկ բանքը կեանքիս։


Մանուկ Ա. Մանուկեան
1944 սեպտեմբեր, Աթէնք
«Դար մը գրականութիւն», 1956

No comments: