Sunday, April 13, 2008

Մովսէս Պչաքճեան: Կատակ մըն ես առանձին

Եթէ խնդաս եւ աշխարհն ալ խնդայ հետդ,
արտասուես եւ աշխարհն ալ արտասուէ հետդ,
եթէ երգես եւ աշխարհն ալ երգէ հետդ,
լաս եւ աշխարհն ալ լայ հետդ,
եթէ սիրես եւ աշխարհն ալ սիրէ հետդ,
ատես եւ աշխարհն ալ ատէ հետդ,
եթէ ապրիս եւ աշխարհն ալ ապրի հետդ,
մեռնիս եւ աշխարհն ալ մեռնի հետդ,
պէտք չունիս այլեւս աշխարհին,
դուն աշխարհ մըն ես առանձին։


Մովսէս Պչաքճեան

No comments: