Saturday, May 08, 2021

Նորա Պարութճեան։ ՕՂԱԿՆԵՐ



նուրբ օղակներ ձեռագործ

կեդրոնը՝

փոքրիկ սկիզբ մ’ամրակուռ  

իրարու վրայ գուրգուրանքով փաթթուած 

գունդ նրբահիւս թելերու

ամէն մէկը շնորհքով մը աւելցած

աճեցնող աւետաբեր օրացոյցի մէկ թերթիկ 


ձեռագործի օղակներ

մէկը միւսի թեւին տակէն 

նոր աշխարհի մ’մուտքին կանգնած 

հիւրընկալող տանուտէր

մեծցող

մեծցող ու աւելի ցցուն դարձող 

գեղեցկութիւն

համբերութեան աննախադէպ հրճուանքի ծառ

որուն ճիւղերն հրաշքներու ծանրութենէն

ամէն գիշեր նոր պատումներ 

կը թփրտան

ամէն օղակ նախշի մը իր 

յատուկ կղպանքը ունի

որ կը բացուի իր առջեւ 

խոնարհողի ոտքերուն


կ’ընդլայնի օղակ-օղակ

ձեռագործը օրերուն

ու հմայուած մարդիկ 

անոր վրան կը մեծնան

ան չի ձգեր որ իյնան

թեթեւ- ճաշակ ու կոպիտ 

վայրկեաններու տափակութեան

փէշին տակ


օղակներու ներհիւսուածքը 

երանութեամբ իրարու մէջ արձակուած 

կ’ապահովէ երթը յուսացողին համարձակ 

վստահութեան ժանեակները

կը լզուըռտեն քայլերն անոնց հեզասահ

որ չըլլայ թէ հասկնան,

թէ կեդրոնի փոքրիկ կէտէն մինչեւ վսեմագոյն օղակը մեծ

ակնահմայ

միակ թելին կուտ կուտ ճամբուն հեշտաքանդ երազներէն են կախուած





No comments: