Wednesday, May 12, 2021

Խաչիկ Տէտէան։ ՏԵՍԻԼՔ



Նայեցայ երկնքին` ճաճանչագեղ աստղեր կը ծորէր,

Հեշտասէր կնոջ մը տարփանքի շօն էր կարծես,

Բայց հոգիս` դառնաշփոթ մեխակներու փունջ էր,

Վերջին տեսիլքն ըլլար կարծես հրաժեշտի ձօն որպէս։ 


Օ՜ անցորդ մարդ, հերթն է մեկնողներու` կանգառին դիմաց,

Դառնահեծ բաժանման տեսարանին` ե՛ս տխուր վկան,

Արագ ու շփոթած քայլերով կ’երթան ճշմարտութեան ընդառաջ,

Սա ցնորքն է, մարդը` անցորդը, այս խաբկանքին վկան։


Նայեցայ երկնքին` արեւն իր քնքշանքով զիս կը դիւթէր,

Գուրգուրոտ մօր սեւեռուն աչքերէն բխող կեանք էր կարծես,

Նոր օր էր, հրա՞շք թէ դիպուած պատահական, էական չէր,

Սա մշտադալար տեսիլքն էր գողտրիկ իմ պարտէզիս…


Ապրիլ 2021


No comments: