Saturday, May 01, 2021

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԳԱՆԱՏԱՅԻՆ

«Ո՜վ Աստուած, մեր հայրենիքը փառահեղ եւ ազատ պահէ։

Ո՜վ Գանատա, քու արի պահապաններդ ենք» (Ազգային քայլերգ)



“Beautiful British Columbia” եւ “Je me souviens” 

բարոյական մակագիրներուն մէջ սեղմուած

ովկիանէ ովկիան ձգուած Գանատայի ցամաք գետայատակի

խինձին մէջ կը դեգերիմ


Ուժեղ եւ փառաւոր 

յուսաբեր եւ ազատ

պաշտպանեալ եւ յաղթեալ 

ցմահ հաւատարմութիւն 

տկարներուն օթեւան

ժողովրդավարութիւն

հասարակապետութիւն

անստուեր պայծառութիւն

Աստուծոյ արքայութեան փնտռտուք


Վայրի վարդ

արեւաշող ապրող երկինք

ցորենի ոսկի հացի սակառ քարիւղի սաւան

վերջին սահմանագծի մեղրածոր երկիր

կենսաբորբ հազար-հազար լիճերու լողաւազան


Բնիկ հնդիկներու խրճիթներու գումար

տոհմանշան

թղկի

կուղբ

բու

մանուշակ

կարմրախայտ

նաւ դիւցազնութեանց


Գաղթական զաւակներուդ տասը նահանգ եւ երեք երկրամաս



Մոնթրէալ-Գանատա 1 Ապրիլ 2021          Նարեկ արք. Ալեէմէզեան





No comments: