Խաչիկ Տէտէան։ ԴՈՒՆ ԻՆԾԻ ՊԷՏՔ ԵՍ ԴԵՌ…
Եւ բորբոքեցաւ իմ մէջ վարակը դարու,
Կատղեցան բջիջները մարմինիս ինչպէս մաղձոտ զայրոյթ,
Միթէ՞ մահուան դուռ մօտեցայ ես ալ, այլոց նման,
Հարց տուի ես ինծի, բայց ձայն մը ներսէն՝
“Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ…” ըսաւ։
Օրերը ծանր էին, սարսափն իմ մէջ հանուր,
Իմ մէջ հարցադրումներ կային դեռ այս կեանքէն,
Միթէ՞ մահը պիտի յաղթէ, թէեւ պատրաստ չեմ անոր,
Հարց կու տայի ես ինծի, բայց ձայն մը ներսէն՝
“Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ…” ըսաւ։
Օ՜հ դժոխքի վարակ, մահուան բանալիները քեզի ո՞վ տուաւ,
Այսպէս անարգել ու յանդուգն կ’արշաւես ամէնուր,
Դուն մահն ես, ես դեռ կեանքը կը դաւանիմ, անհեթեթ թէեւ,
Ես յաղթեցի՛ քեզի, ոչ՝ մահուան, որ դեռ պիտի գայ,
“Դուն ինծի պէտք ես դեռ, հէ՛ք երիտասարդ…”
Ըսաւ Ձայնը ներսէն ու լուռ հեռացաւ։
Ապրիլ 2021
No comments:
Post a Comment