Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՄԸ ԵՒՍ
«Քորոնաժահր»-ի մանգաղով հնձուած հայորդիներուն
Կեանքի խօլ մրցավազքին մէջ
անհուն ժամանակէն թէկուզ վայրկեան մը եւս տրուէր ինծի…
Իւրաքանչիւր ապրած օրս
կեանքիս վերջին օրը նկատելով
լաւագոյնս պիտի ընէի
թերեւս միայն ինծի համար
կամ ծանօթին-անծանօթին սիրով ընծայուելով
կոտրած սրտեր իրար կապած
աշխարհի մաղձն ու քաղցրը ի մի բերած
շահ փնտռած վայելք գրկած
ցաւով քէֆով օր անցուցած ինկած-ելած
խախտած նժար սնանկ սակարկութեան նստած հաշուեփակ կնքած
կեանքէն ա՞յս էր միայն ինծի տրուած
երազներս այնքա՜ն հեռու եւ մօտ
սրտիս զարկերը այնպէ՜ս ներդաշն
հարց-պատասխան ուռկան հիւսած
կեանքը նուաճելու խաբկանքը յար
անմահութեան լեղի համով զիս համակած
ասո՞ր համար աշխարհ եկայ
շարժող շուք
ամենը եւ լաւագոյնը խլելու փորձ
կեանքս ամբողջ ծրագիրներ մատներու արանքներէն սահած
ժամանակի թելէն հատիկ-հատիկ փրթած արդէն
բախտի կասած անիւ կը թուին ալ
յաւէտ չշահուելիք վիճակահանութեան տոմս
* * *
Թէեւ անհուն ժամանակէն վայրկեան մը եւս ուզելն անհեթեթ է…
ինքզինքս գերազանցելու առիթը չկայ
հարցումները առկախ
հեւքը դադրած
կեանքի քառուղիներուն վրայ բաժնուած
մահով ի մի եկած
յաւերժութեան մէջ թաւալ մըն եմ
անքուն ննջեցեալ մահուան փոսին մէջ
յարգանդ երկրի
հող էի եւ կրկին հողին վերադարձայ
դո՛ւն ողջ ընկեր կեանքդ շահէ իմ կեանքիս տեղ
կեանքը քեզի՛
բռնէ վայրկեանը պահէ գգուէ բաշխէ
ինծի համար մեզի համար
բաց հորիզոն լոյս հոգիով յոյսին ճամբորդ
դէպի արեւ դէպի նոր կեանք
անփորձանք մնաք
ցտեսութիւն ի վերին Երուսաղէմ
արդարներուն վերապահուած օթեւան
երկրորդ գալուստ
մեռելներու յարութիւն
Փրկիչը դիմաւորող յափշտակութիւն
ահեղ դատաստան
անդարձ դատակնիք
ես խոնարհ եղայ եւ Տէրը փրկեց զիս
եկուր օրհնեա՜լ ծառաս
Ընկեր
ինչ որ ես չկրցայ ընել
դուն ըրէ այսօր – վաղը կրնայ շա՜տ ուշ ըլլալ
գուցէ նաեւ բնաւ չգայ…
10 մարտ 2021 Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
Յ.Գ. «ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՄԸ ԵՒՍ»-ը կարելի է լսել այցելելով.- https://www.facebook.com/nareg.alemezian/
No comments:
Post a Comment