Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԽԱՐԻՍԽ
Պուրճ Համուտ – մանկութիւն-պատանեկութիւն՝
Ս. Վարդանանց եկեղեցի
տէտէ նէնէ տուտու ամմօ
Ս. Ծնունդի ազգականներու այցելութիւն
պաչիկ շաքար
– «Այսօր տօն է … աւետիս կաղնտոս» –
Ս. Սարգիսի «հալվա»ով կանուխ զարթնում
պղինձէ ամաններու չխչխկոց
– «Սուրբ Սարգիս հալվասը կելտի՜՜՜» –
Ձմեռային հեղեղ թիթեղներուն վրայ անուշ նուագ – «Սէ՜՜՜լ կելտի» –
խորոված քեսթենէ սխտորով փաչա – առաջին «եա՜ա՜ա՜գ»
Զատիկի «քեխկէ»ի բուրմունք
– «Աղջի՜կ իմ քեխկէիս ալ համին նայիր» –
համտեսումի հպարտ հրաւէր – առաջին «եա՜ա՜ա՜մ»
– «Զատի՜՜՜կ կելտի» –
Ամառ – «Փոսթա՜՜՜ կելտի» –
կապոցներու հեւքոտ փաթաթում
ճէպէլ
թոնիրի հաց
թարմ կաթ
արաբ մայրապետներու խիստ դպրոց
Անթիլիաս – պատանեկութիւն-հոգեւորութիւն՝
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար
շապիկ ուրար քշոց սկիհ աղօթք
– «Հրեշտակ զուարթուն հզօր պահապան մեր» –
նարինջ պանան մասունք ժառանգ ընծայ
– «Օրհնեսցի օծցի եւ սրբեսցի» –
Վանգուվըր. երիտասարդութիւն-առաքելութիւն՝
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
առանձնութիւն ուսումնառութիւն հովւութիւն
վանական կարօտ
ակադեմական շփում
հօտի ստեղծում
տարեկան «բիքնիք»
Նիւ Ճըրզի – յանձնառութիւն-հասունութիւն՝
Ս. Վարդանանց եկեղեցի
ամերիկահայ պոլսահայ ռումանահայ
սուրիահայ լիբանանահայ հայաստանցի հայ
հայահայ
հարահրոց
հայապահպանում
Եթովպիա – միջ-եկեղեցական ժողով-այցելութիւն՝
Ս. Գէորգ եկեղեցի
հապէշահոտով հաւ Կարօ Փօլատեան «Կը հրաժարիմ հայութենէ»
բռնագրաւուած դպրոց հապէշ աշակերտութիւն
հայոց ակումբ – «Կեանքիդ ամենէն համով քէպապը հոս կ’ուտես» –
Հնդկաստան – միջ-եկեղեցական ժողով-այցելութիւն՝
Ս. Թովմաս հնդկաց եկեղեցի
հինտու իսլամ քրիստոնեայ
տաճար մզկիթ եկեղեցի
գոյութենական համադրութիւն
ներքին պայքար
գըրրի
մժեղ
Սինկափուր – այցելութիւն-մտերմութիւն՝
Ս. Գրիգոր հայոց եկեղեցի
«Արմինեըն Սթրիթ»
ֆուլ, մանկօ
մնացորդաց
բեկոր – «Ո՞նց ես» –
Ժընեւ – ժողով-միջ-եկեղեցական փորձառութիւն՝
Ս. Յակոբ եկեղեցի
համաշխարհայնացում տիալոկ վկայութիւն
ծառայութիւն միութիւն
միութիւն զանազանութեան մէջ
զանազանութիւն միութեան մէջ
Ֆէյթ էնտ Օրտըր
շոքոլա
հայ յեղափոխութիւն
Փարիզ – այցելութիւն-սիրելիութիւն՝
Ժան Կուժոնի եկեղեցի
Մութոն Գատէ 2010
պանիր պակէթ ֆուա կրա
Թուր Էյֆէլ
Կոմիտաս «Յառաջ»
… Եւ դեռ Մոնթրէալ Լոս Անճելըս Հալէպ Գահիրէ Զիմպապուէ Սալզպուրկ …
խառնաշփոթ խառնիճաղանճ խառնուղիներ
Վերջապէս … Հայաստան-Արցախ հայրենիք-գոյամարտ
Ս. Հռիփսիմէ
Մաշտոցի անուան մատենադարան
Թումանեան Սարեան խաչմերուկ
Ծաղկաձոր Ջերմուկ Դիլիճան
Արարատ Սեւան
շրջափակում
արտագաղթ
փտածութիւն
հոգեմաշութիւն
հայրենադարձութիւն
սուրիահայութիւն
Գանձասար Շուշի
նոր Աւարայր ու Սարդարապատ
Վերջապէ՞ս … Կիլիկիա-Հին/Նոր Հայաստան պահանջատիրութիւն՝
Ս. Սոփիա
Իսկէնտերուն
Տէօրթ-եոլ
Ատանա
Տիգրանակերտ
Սասուն Մուշ Վան
Աղթամարի Ս. Խաչ
եկեղեցիներու պարս
յուշերու պար
սուտ իրաւ
խաբկանք յաղթանակ
այսօր վաղը
օրհնութիւն անէծք
մշտոլոր շրջագայում
անհանգրուան հանգրուանում
սեւ ուրուական
անդառնալի կամք
հաստատ վերադարձ
վերջնական խարսխում
ե՞րբ ինչպէ՞ս ինչո՞ւ
մինչ այդ՝ ուտել խմել աղօթել ճառել վիճիլ
– հայ ծնիլ, հայ մնալ, հայ մեռնիլ…
Մոնթրէալ-Գանատա 7 Հոկտեմբեր 2017 Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
Յ.Գ. «ԽԱՐԻՍԽ»-ը կարելի է լսել այցելելով.- https://www.facebook.com/nareg.alemezian/
No comments:
Post a Comment