Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ՎԵՐՋԻՆ ՎԱՐԴԸ
Ճերմակ վարդ մը
լուացուած Շան զ՛Էլիզէն եզերող նստարանի մը վրայ հանգչած դոյլին մէջ
շաբաթ առաւօտեան ժամը ութին իր մենութիւնը կը թօթափէ ձեռքիս մէջ
Ո՞վ թողած է զայն հոս
ուրբաթ գիշեր քանի ձեռքերէ անցա՞ծ է ան
ի՜նչ սէրեր ի՜նչ խոստումներ ի՜նչ խաբկանքներ
գրկած են զայն երկուքով
Սխալ ձեռքի մէջ է ան հիմա – ես ի՞նչ պիտի ընեմ զայն որո՞ւ պիտի տամ
Ճերմակ վարդը գորովալից կը դնեմ իր տեղը եւ ճամբաս կը շարունակեմ...
Փարիզ-Ֆրանսա 31 Մայիս 2014
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
Յ.Գ. «ՎԵՐՋԻՆ ՎԱՐԴԸ» կարելի է լսել այցելելով.- https://www.facebook.com/nareg.alemezian/
No comments:
Post a Comment