Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԼՈՅՍ ԶՈՒԱՐԹ
«Եկեալքս ի մտանել
արեգականն
տեսաք
զլոյս
երեկոյիս» (Ժամագիրք)
Կիակմուտքի ղօղանջ-հրաւէր
աստուածակոչ տիրական մագնիս
լոյս
ճրագ
լոյս կենդանի
Մինչ արեւը քուն կը
մտնէ
երեկոն սիրտերուն մէջ զուարթ լոյսը
կը
վառէ
Հրեշտակական անդորր
զուարթուն թեւաբախում
զուարթերես սրբութիւն
ՏԱՃԱՐԸ ԼՈՅՍ
ԿԸ
ԲԱՇԽԷ
Երկնայիններ եւ
երկրայիններ լոյս-երգը կ’ըմպեն
Աստուած անդադար կը փառաւորուի
հոգեզուարթ պահը
մեզ
մինչեւ կիրակի կը տանի…
Տէ՜ր սքանչելի լոյսիդ աղօթարան դարձուր մեր հոգի-տաճարները
գիշեր-ցերեկ – յաւիտեան
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
21
Յունուար 2014
No comments:
Post a Comment