Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ՈՐԴԵԳՐԵԱԼԴ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՄԲ
«Որդեգրութիւն շնորհելով ի ձեռն մկրտութեան»
(Շարական)
Ընկերոջս տղան՝ Հայկը կիրակի օր կնքեցինք
ան Աստուծոյ տղան դարձաւ
կնքահայրը ես
էի
Ջուր աղաւնի միւռոն
Հաւատք յոյս
սէր
եւ
մկրտութիւն
«Ընղայ»
«Ընկայ»
«Ինկայ»
«Ծնծղայ»
«ԸՆԾԱՅ»
… եւ մկրտութիւն
Յանուն
Հօր/հաւատք/ջուր
Որդւոյ/յոյս/աղաւնի
Հոգւոյն Սրբոյ/սէր/միւռոն
ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՒ…
Լոյս կը
ճառագայթէր եկեղեցիէն աւազանէն Հայկէն
Տէ՜ր լուսատօնովդ միշտ ջերմ պահէ՛ բոլոր Հայկ/Հայկուհիներուն հոգետունը
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
18 Յունուար 2014
No comments:
Post a Comment