Tuesday, October 17, 2017

Յովհաննէս Ասպետ։ ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ

Օ՜հ, սիրուած ամայի ճամբան աշունի,
Մոռացումի յուզումնաւոր երգ մը ունի.
Կեանքի դառնութիւնները ես հոն զգացի,
Երբ աշնան ծաղիկ մը նրբին ժպտած ինծի:

Մտերմօրէն աշնան ծաղիկը մռայլ,
Կ՛ուզէր ըսել ինծի բան մը շունչով տկար,
Մոռացումի աղտով տառապած ու յոյլ,
Յուսահատ արցունքներու մէջ անմխիթար:

Թէ կեանքը արեւին տակ վայելք չունի,
Բան մը մեր յոյսերը կը բերէ պարապի.
Քանի կու գայ եղանակը աշունի,
Արեւին տակ սիրողը՝ միշտ կը տառապի:

Յովհաննէս Ասպետ

27/10/1967


Վերի բանաստեղծութիւնը մաս կը կազմէ Յովհաննէս Ասպետի Սիրոյ Քնարի գրքոյկին մէջ:

No comments: