Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։ ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՄՍՈՒՐԸ
«Մանուկ ի գիրկս մեր գգուեցաւ այսօր»
(Շարական)
Այսօր
տանս դիմաց
գտնուող փոքր հանրապարտէզին մէջ
մշտադալար մեծ
ծառին
տակ
մէկ ամիս
առաջ
յարդարուած
սուրբ ծնունդի մսուրը
սրիլանքացի բանուորներ քանդեցին
եւ Սուքլինի
կանաչ
բեռնատարի
աղբերուն խառնելով տարին…
Գունաւոր եւ շողշողուն
խաւաքարտերը
լոյսերը
արձանիկները
հրեշտակները
զանգակները
եղնիկները
գնդակները
ո՞ւր գացին
Գալ տարի նոր մսուր պիտի շինե՞ն
մսուրին առջեւ նկարուող մանուկները նորէն պիտի գա՞ն
Տուն-խաւաքարտերուն
յոյս-լոյսերուն
խոնարհութիւն-արձանիկներուն
ժպիտ-հրեշտակներուն
երջանկութիւն-զանգակներուն
եռանդ-եղնիկներուն
խաղ-գնդակներուն
խանդ-մանուկներուն
սպասող ծառը
մնաց՝
Մանուկ Յիսուսի գգուանքով զարդարուն
Շինել-քանդել, քանդել-շինել
այսպէս՝
ժամանակի նոյն
խելայեղ վազքը
կեանքը օրէ-օր
իր
աւարտին կը դիմէ
Օրուան ընթացքին
կեանքի՛ն գացող
քանի-քանի՜
ինքնաշարժներ կը սուրան ծառին
առջեւէն
քանի-քանի՜
ամպիւլանսի
խաչանիշ ճերմակ/կարմիր
մեռելատան սեւ
մարդատար տուփեր
նո՛յն կենսայորդ հեւքով
զիրար կ’ողջունեն…
Մանո՜ւկ Յիսուս
երկնաւոր մսուրէդ հսկէ՛
մարդոց հոգիները չքանդուին
գգուէ՛ – թող միշտ կանաչ մնան
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
10 Յունուար 2014
No comments:
Post a Comment