ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ։ Կ՛ԱՆՑՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ՍԷՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ
Սեւ վարդ մըն է յիշատակը - կը թօշնի
Յաղթանակը հին աղբիւրի մը նման կը ցամքի
Ճակտի քրտինքը կը շոգիանայ
Վաստակը կը մոխրանայ
Անհանդարտ ճնճղուկ մըն է ժամանակը որ կը թռի կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ
Նուաճումներն ու համբաւները տակաւ կը տժգունին
Թագերն ու շքանշանները կը ժանգոտին
Գահերն ու գահակալները կը մոռցուին
Սրընթաց գետ մըն է ժամանակը որ կը հոսի կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ
Մարմինները կը հիւծին
Բառերը կը մաշին
Վրէժը - քէնը - նախանձը փսոր - փսոր կը փշրուին
Բազմութիւնները առանձնութեան անձրեւներուն տակ կը թրջին
Անզսպելի հով մըն է ժամանակը որ կը սուրայ կ՛երթայ
Կ՛անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ
Կ՛անցնի կեանքը
Կ՛անցնինք մենք
Սէրը կը մնայ
ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
No comments:
Post a Comment