Monday, August 24, 2020

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ:Ա՜խ Կէտիկփաշա

1940ական թուականներն էին
Կէտիկփաշայի նոր սերունդը
Ամէն առտու
Չարշըգաբուի կայանէն
Հանրակառք կը նստէր ու դպրոց կ՝երթար
Մանչերը Կեդրոնական կամ Մխիթարեան
Աղջիկները էսաեան

Հանրակառքին մէջ
Նոր մտերմութիւններ կր հաստատուէին

Մանչերը աղջիկներուն աչք կը քթթէին --  կր ժպտէին 
Ընկերութիւն կ՝առաջարկէին 
Եւ հետեւեալ երկու բառերով հարց կուտային 
«Դրակա՞ն թէ՞ ժխտական»
Աղջիկները ապշահար կր ջանային լուծել  հանելուկը 
Չենք գիտեր թէ քանիներ դրական պատասխանեցին 
Քանիներ ընկերութիւններ մշակեցին 
Միասնութիւններ կազմեցին

Այսօր երբ
Պէյազըտի հրապարակէն յառաջանալով
Եէնիչէրիլէր պողոտայէն մուտք կր գործեմ
Դէպի Կէտիկփաշա պողոտայ
Այդ աղմկալից - այդ երփներանգ ճամբան
Բաղնիքի փողոցին անկիւնը պահ մը կր կանգնիմ
Կը կանգնիմ վարանած
Ո՞ւր է Պօնմարշէն

Ո՞ր փողոցէն դէպի վար– դէպի Գումգաբու քալեմ
Կէտիկփաշա պողոտա՞ն շարունակեմ
Թէ ոչ Պալի Փաշայի զառիվարը ընտրեմ
Կամ թէ Բաղնիքի փողոցէն քիչ մր յառաջանամ
Եւ աջին Նէվիյէ փողոցէն ղէպի վար
Փողոցներու խառնարանէն անցնելով
Յիշատակներու ծովերուն մէջ լողալով
Հին Կէտիկփաշան– Հին կէտիկփաշացիները փնտռեմ
Հակառակ որ գիտեմ - գիտեմ թէ 
Եթէ չկան հին կէտիկփաշացիները 
Չկայ նաեւ հին Կէտիկփաշան

Կը քալեմ
Կը քալեմ ու մէկ առ մէկ կը դիտեմ հին տուները
Այսօր այլափոխուած կամ այլասերած այդ շէնքերը
Եւ ի զուր կը փնտռեմ զաւակներն ու թոռները
Այն մայրերուն որոնք օր մը
Առաւօտեան հանրակառքի մը մէջ
Դէպի դպրոց ուղեւորութեան ընթացքին
Հարցումի մը «դրական» պատասխան տուին։




21.7.2020

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՄԱՐՄԱՐԱ թերթին մէջ։






No comments: