Friday, June 19, 2009

ԽԱՉԻԿ ԱՄԻՐԵԱՆ: ԲԱԺԱԿԱՃԱՌ

Հարուստ չեմ ընկերներ
չըլլայ որ զիս հարուստ կարծէք
այսօրուան այս խնջոյքն առատ
հարուստի մը ցուցադրութիւնը չէ
իր մանկլաւիկներուն
անկեղծութեան մը արտայայտութիւնն է
իր սրտակիցներուն։
Չկրցայ հարուստ ըլլալ
ասիկա հպարտօրէն կ՚աղաղակեմ
չկրցայ գողնալ յափշտակել սօթթել
չկրցայ ափարթման տնկել
ապրեցայ նկուղներու մէջ։
Սա վարունգը որ այս սեղանը - կը զարդարէ
խոյանքներ ունի իմ ուժերէս
սեղանս կարմրցնող սա բողկին վրայ
կաթիլներ կան արիւնէս
սա ապուխտին սա սօսիսին
սա ճերմակին սա քաշէրին
սա սանտուիչին ձիթապտուղին - պիստակին
սա չեմ գիտեր ինչին մէջ
նոյնիսկ սա պարզ ջուրին մէջ
քրտինքէս կաթիլներ կան
ջերմաջերմ կաթիլներ։
Արդար է այս սեղանը ընկերներ
ողջ եղէք զուարթ եղէք շէն եղէք
ուրախութեամբ թող լեցուին - թոքերը մեր
լիահագագ թող պայթին - քահքահները մեր
ոեւէ մէկուն □ախ□ը չկայ
մեր աչքերուն ժպտող
սա խնձորին վրայ
ոեւէ մէկուն ցաւը չկայ
սա սեխին սա ձմերուկին մէջ
համը՝ սա տանձին սա խաղողին
հարիւրին հարիւր անխարդախ է
մեր շրթներուն վրայ։
Օ՜ն ընկերներ
անուշ ըլլայ
հրամմեցէք։

No comments: