Մարուշ Երամեան։ ԴՌՆԵՐ
Բանտիս դռներն էին եօթը
մուտքերով
մտերիմ ու անքարտէս
եօթ դարպասներ
եօթը կողպէք պատմութեան
եօթ հմայիլ աքսորի
պատուհան չկար որ երկինք մը
սահմանէր
մուտքերէն դուրս անապատ մը
կը լայննար
եւ անոր մէջ ցեղս ինքզինք
կը փնտռէր
ո՞վ փակեր էր դռները
ու յետոյ
լծուեր զանոնք μանալու
առեղծուածի պորտին վրայ
ապրելու
չմեռնելու
ծանրութեան տակ բառերու եւ
շղթաներու
ոսկեզօծ ու թիթեղեայ
Բանտիս դռներն էին եօթը
մուտքերո՞վ թէ ելքերով
թափանցիկ են անունները
ժանգոտած ծխնիներով
որո՞ւ արիւնն էր որ լուաց ժանգերը
եւ իւղեց ծխնիները
ելումուտը դարձաւ կարծես կարելի
Դռները վաւերական
պատմութեան կամ առասպելի
կնիքով
անկիւնի սեւամորթը
- միակն այստեղ -
տեսարժան վայրերու կարգին
դասուած
յաւիտեանս խարսխուած
խարկուող պիստակներու
ծխնելոյզին առջեւ
պատմուածը կը կնքէ
իր կնճիռներուն թիւով
ծանծաղ՝ հոսքը մարդերուն
սակայն հզօր՝ հոսքը սեռին
որ կը պահէ ամբողջ ցեղ մը
խաբկանքներու սօսնձուած
գոհացումով գիջութեան
բանտախուցերուն մէջ միայն
ազատութիւնն իմաստ կ՚առնէ
եւ μոլորը կը միանան միայն մէկը
գոնէ մէկը
փրկելու
բանտիս դռներն էին եօթը ելքերով
No comments:
Post a Comment