Յովհաննէս Ասպետ։ ԵՐԱՆԳ ՅՈՅՍԵՐ
Ա՜հ, այն ծաղիկ-յոյսերը՝ որոնք երանութեան մէկ պահին մէջ մտքիս աղբիւրներէն ցայտուն զիս պարուրեցին անհուն պերճանքներու մէջ խանդավառ:
Ես անոնց տուի իմ հոծ խանդաղատանքիս ծիածանը՝ ուր անձրեւէն վերջ կը թաւալի իմ բոլորտիքը ու ծաղիկներ ալ կը թօթափեն իրենց արցունքն արեւին ցոլքերուն տակ. Անոնց քաղցր բոյրերուն մէջ հոգիս ալ կարբենայ, երբ անուշ հովիկն կանցնի իմ մօտէն, անոնք կը սփռեն հոգւոյս նոր երանգներ տենդագին:
Բայց աւաղ, որ ամէն ծաղիկ աշուն մը ունի իր ետին ու խամրում մը ցաւագին, ի սպառ անոնց խամրումին հետ հոգիս ալ կիյնայ, աշնան հովերուն դէմ անզօր, կիյնան ձիւնի փաթիլներուն պէս հոգւոյս յատակը՝ ու շատ շուտ կը բերեն ցրտագին միայնութիւնը, դատարկելով այն ինչ որ իմ հարազատն էր: Անյապաղ խորհրդաւոր նոպաներու այլանդակ շարժուձեւերուն մէջ պահ մը կը նուաղիմ:
Ու յետոյ կսպասեմ անհամբեր նոր գարնան արեւին, որ լի բաղձանքներով պիտի ժպտի իմ դալկադէմ միայնութեանս վրայ: Այն ծաղիկները, որ սառած ինկան, հիմա՝ նորէն կը ժպտին արեւին պէս, անոր ջերմ կենդանութեանը տակ կարթննան ու կը ծաղկին, անոնք ցրտահար ինկած կսպասէին արեւին, որ հրաշքով մը արթնցներ իրենց վաղանցուկ քունէն:
Հանգոյն ես ալ ծաղիկներուն պէս մեղմացումի շիթ շիթ արցունքներէն վերջ, նոր գարուն մը կը բերէ զիս ծաղիկ-յոյսերու զարթօնքին, բայց ես կը վարանիմ անոնք քաղելու:
No comments:
Post a Comment