Friday, July 23, 2021

Նորա Պարութճեան։ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ ՏԵՍԱՆՈՂ

սպառեցան բառերը
գրականութիւնը անյոյս է
ամբարտաւան տեսանողը
սովահար մարդուն փորոտիքը
իր Բաներով ծանրացուց
յագեցում խոստանալով
հիմա անոնց բեռան տակ
անշարժացած մարմինները հոգեւոր
ոչ ալ կրնան հոգեվարքի դաշտ մտնել
վերջին շունչի ի խնդիր


անբռնելի
անչափելի զօրութեան պէս ներկայացար
Տեսանո՜ղ
քեզ սիրեցինք
քեզ փնտռեցինք
արարեցինք քեզ նոյնիսկ
նոյնանալը քեզի հետ
հաշտեցուց մեզ ցեխին հետ
ուրկէ անհոգ քալեցինք
կտրուած մեր մոռախտաւոր ոտքերէն
եւ այսօր
կտրուած մեր բախտերէն
քու կացինէդ մազապուրծ
իմաստութեան վերջին հունտը կ’աղերսեմ


արդեօ՞ք
իմ լեռներէս կործանարար հատիկ մը միտք
թաւալգլոր պիտ’ արշաւէ
ցնցելու մեղկ ուղեղս
ուր հաշմանդամ արծիւները ծերացած
քեզ անէծքի են վերածած


իմ լեռներուս վերջին հունտն իմաստութեան
պիտի ներէ՞
հաշմ-հնազանդ արծիւներուս
յամառօրէն կեանքի կառչող ծերութեան

No comments: