Showing posts with label Khatchig Dedeyan. Show all posts
Showing posts with label Khatchig Dedeyan. Show all posts

Friday, March 08, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ



Այն օրէն երբ
Արժէք տրուեցաւ կեղեւին՝ քան միջուկին,
Երեւոյթին՝ քան որակին,
Ձեւին՝ քան խորքին,
Շպարին, եւ ո´չ արժէքին,

Այն օրէն ասդին
Մենք դարձանք անդիմագիծ,
Կիսադատարկ,
Միջակութեանց մէջ տուայտող
Ամբոխ մը՝
Հետեւող,
Անգոյն,
Հոսանքին հետ գահավիժող:

Այն օրէն ասդին
Երբ աշխարհ վերածուեցաւ աշխարհատարած ցանցի,
Ու վերացան սահմաններ, գիծեր բաժանումի,
Մենք դարձանք արածող երամակներու նման
Հրամցուածը անյագուրդ սպառողի
Զանգուած մը՝ անտարբեր, անտէր, անջրդի...


Այն օրէն ասդին
Մենք զոհերն ենք բագինին վրայ
Մեզ զոհաբերող քուրմերուն,
Հի՜ն աստուածներուն,
Կրեսոսներուն,
Ու մամոնային՝ շլացուցիչ...

Այն օրէն ասդին
Մենք զոհեցինք մեր անցեալը
Գալիք անմխիթար ժամանակներուն...

Այդ օրէն ասդին
Նոր աշխարհ է մեր ոտքերուն տակ:

Thursday, March 07, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ։ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ




Ա՛յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այդ բոլորը որ տեսար
Այդ բոլորը որ եղար
Ի՞նչ արժեն այս անհաշիւ աշխարհի
    հաշուեցոյցերուն մէջ մանրազնին։
Եւ այն ինչ լսեցիր ու մոռցար,
Եւ այն ինչ մրոտեցիր ու մոռցուեցաւ,-
Ի՞նչ արժեն այս անհոգի աշխարհի
Կաճառներուն մէջ փառապանծ,
            տաճարներուն մէջ խուլ։
Ա՛յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Եւ այդ բոլորը որ այգեկութքի ճնշեփին նման
         մղկտացին ամէն րոպէ, անդադար,
Ի՞նչ արժեցին տոմարներուն մէջ հաշուետուութեան,
Եւ ա՜յն ինչ խորհեցար,
Զոր նզովեցիր բայց չմոռցար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի օրուան աւարտին,
Երբ ճիրաններուն մէջ խուլ գիշերին
Հոգիդ բզկտելով արիւնեցիր վարար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի այս աշխարհը ապերախտ։
Այն բոլորը որ սիրեցիր
Այն բոլորին որ տենչացիր
Բայց չգտար, մոռցար մէկ առ մէկ,
Ջլատեցին հոգիդ ու անցան,
Փոթորիկներ ցնցեցի՞ն քեզ երբ հեռացան,
Ի՞նչ արժեցին քեզի՜ որպէս թիւ ու հաշուարկ՝
Հաշուեմատեանին մէջ պատառուն,
Բացի խայտանքներէն չկիսուած։
Այդ բոլորը որ ապրեցար
Այդ բոլորը որ տեսար, զգացիր խորապէս,
Ի՞նչ արժեցին քեզի
Ի՞նչ արժեցին աշխարհին
Ու ի՞նչ տուաւ քեզի քու շրջապատդ՝
         որպէս պարտամուրհակ անվճար։
Այն բոլորը որ սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Բաւարար չէի՞ն միթէ տանջուած հոգիիդ յար,
Որ տոմարին մէջ հաշուետուութեան,
Դուն քեզ հարուստ նկատէիր օրուան աւարտին,
Ու երբ հնչէր ժամը, ղօղանջը գուժկան,
Դուն քեզ երջանիկ մա՜րդ զգայիր խորապէս...։
Այն բոլորը որ սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Միմիայն անո՜նք
Չեղա՞ն հոգիիդ հունձքը` օրուան վերջին...։

Wednesday, February 29, 2012

Խաչիկ Տէտէան։ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄ

Ես ինքնակամ կոյրի եմ նման,
Որ ձա՛յնդ կը լսէ միայն գիշերուան մէջ սփոփարար.
Իսկ քու ձայնդ՝ չորցած տերեւներու խարշափն է
գիշերներուս մէջ կծկուած,
Պիտի խամրի՝ երբ աչքերս բացուին առաւօտեան շաղին։

Երբ անուրջներէս յղի ես չսթափիմ ա՛լ,
Գիտեմ՝ պիտի մեռնիմ
Իւրայատուկ մահով մը անաղմուկ,
Բայց դուն…
Դուն պիտի ապրի՜ս իմ մէջ յաւիտեան
որպէս գրգիռ
որպէս թովչանք
որպէս անհունութիւն դեռատի։

Դուն իմ կամքի վեհապանծ նժոյգը սլացիկ,
Որ կ՛արշաւէ անհունին մէջ՝ ազա՜տ համարձա՜կ.
Եթէ կամքիս պրկումը շիջի օր մը ակամայ,
Դուն պիտի նոր երազողներ դարպասես
ու գերես անկասկած
Գիշերներուն մէջ առհաւական։

Բայց ես ինքնակամ կոյրի մը նման, հմայուած
Պիտի միշտ ձայնդ լսեմ գիշերներուս մէջ խելագար,
Անհուններէն աքսորեալ…

Tuesday, February 28, 2012

Խաչիկ Տէտէան։ Պիտի գայ միթէ՞

Ըսէ՜ ինծի` ե՞րբ,
Տարուան ո՞ր եղանակին դիմաւորեմ քեզ…

Գարնան հետ արեւուն բացուող վարդի համբոյրին մէջ
չգտայ հոգիիս խանդը վտարանդի,
Չգտայ պարզապէս ինծի հասցէագրուած ծիծաղը`
Որ պիտի լուար իմ հոգին` յամեցող բոլոր վիշտերէն։

Ամրան տօթակէզ գիշերները յամեցան շա՜տ երկար.
Բերին մահաբոյր ռումբեր ու ցանեցին աւեր ու արցունք,
Քաղեցին միայն մահ…
Եւ թողուցին պարապութի՜ւն մը համայնական…

Աշնան մաղուող անձրեւն ալ չբերաւ հոգիիս թեթեւութիւն.
Ինծի հասցէագրուած ժպիտի նշոյլ մը չկա՜ր
փարատած հորիզոնին վրայ։
Կար անձկութիւն մը ճնշող ու տարօրէն երկար,
Կար կասկածի զգացում մը ամլող ու հոգին բզքտող։

Եւ ձմեռն ալ եկաւ… ու չբերաւ բարի աւետիս.
Ձմրան հետ թանձրացան նոր վիշտեր ու յոյզեր,
Հոն ցանեցին տխուր կիրքեր ու նո՜ր հիասթափութիւններ,
Խոր արմատներ նետելով աճեցան տարօրէն։

Ու հիմա հարց կու տամ ես ինծի.-
Ո՞րն է եղանակը տարուան`
Որու եթէ սպասեմ` պիտի գտնեմ իմ ուրա՜խ, իմ պատա՜նի հոգին,
Ո’չ ծաղրածուին ժպիտին տեսքով` որ պատուէրով կու գայ,
Այլ անմեղ մանուկին` որ անգիտակից է տարողութեանը գալիքին`
Որ գիտէ ճչա՜լ ու լա՜լ բայց նաեւ կրկին խնդա՜լ ու սիրուի՜լ։

Իմ հոգին կը տենչայ այն մի՜ւս եղանակը մոռցուած,
Ուր տարբերութիւն չկա՜յ գարնան, ձմրան ու եղանակներուն միջեւ.
Ուր եղանակները միշտ խինդ ու ծիծաղ կը բուրեն
Թէկուզ յամենան երկար կամ իսկոյն փարատին…
Ե՞րբ պիտի ան դուրս գայ իր մօր պատեանէն
Ու զիս առնէ իր կեղեւին մէջ անապակ
Առանց անցագրի կամ հաշիւի։

Ո՞ւր է այն եղանակը` որուն ի զուր կը ապասե՜նք այսքան երկար…



Խաչիկ Տէտէան,ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ 2008