ՌՈՒԲԷՆ ԽԱԺԱԿ: Highway 401-ին Վրայ (Վրէժ-Արմէնի Հետքերով)
Տորիս Ճ. ՄըքՔարթի, «401` ժամը 4:01-ին», 1992, ջրաներկ թուղթի վրայ, 47 x 56.5 x 3.2 սմ, Տորիս ՄըքՔարթիի Պատկերասրահ, Թորոնթոյի համալսարան (Սքարպորո): Նուէր` Ու. եւ Տ. Ուաքոյէն, 2022:
Կը փորձեմ գծագրել
Յիշողութեանս մէջ
Highway 401-ի անվերջ ճամբան,
Որուն վրայ դուն կը քշես տակաւին:
Խմբագրատան լոյսերը վառ էին միշտ,
Ինչպէս մայրուղիին լոյսերը,
Ու ինչպէս հիմա` քու բառերդ
Կը լուսաւորեն մեր ճամբան:
Քանի՜ քանի՛ անգամ անցար այս ճամբէն`
Խմբագրականներդ գրելով մտքիդ մէջ,
Մինչ գիշերային ձիւնը կը պարէր
Լուսարձակներուն տակ:
Թորոնթօ-Մոնրէալ. հինգ ժամ երկարող
Այս ճամբան, որ անգիր գիտէի,
Այսօր միայն յիշողութիւն է արդէն:
Այժմ Երեւանը կը դիտեմ պատուհանէս,
Մինչ դուն կը շարունակես քու յամառ ճամբորդութիւնդ
Երկու քաղաքներու միջեւ,
Երկու սերունդներու միջեւ,
Երկու աշխարհներու միջեւ:
Քու գրիչդ կը հիւսէ կամուրջներ`
Աւելի ամուր քան պողպատէ կառոյցները Highway 401-ի,
Եւ ես, հեռուէն, կը սորվիմ տակաւին,
Թէ ինչպէս ճարտարապետը կը դառնայ բառերու վարպետ,
Ինչպէս հայրենասէրը կը դառնայ անխոնջ ուխտաւոր:
Ձմրան գիշերներուն, երբ այս քաղաքը կը քնանայ,
401-ի վրայ դեռ լոյսեր կը վառին.
Ահա՛ խմբագիրը կ՛անցնի,
Ահա՛ ճարտարապետը կը նախագծէ,
Ահա՛ մշակը կը մշակէ
Վաղուան արշալոյսը:
Ես թողուցի այդ ճամբան, բայց ան չթողուց զիս.
Ամէն առաւօտ քաղաքը կը դիտեմ,
Կը յիշեմ խօսքերդ`
«Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունին այս ժողովները,
Այս «զոհողութիւնները»:
Զոհողութիւն, այո՛, բայց` առանց չակերտի.
Սէր անսակարկ, անվերջ,
Ինչպէս սէրդ` հանդէպ լեզուին,
Հաւատքդ` հանդէպ մեր գոյատեւման:
Highway 401-ը կը մնայ յաւերժօրէն
Որպէս վկան անոնց,
Որոնք իրենց կեանքը դարձուցին կամուրջ
Երկու աշխարհներու միջեւ:
Եւ դուն,
Վրէժ-Արմէն,
Անոնց մէջ`
Ճարտարապետ մը, որ կառուցեց
Ո՛չ թէ լոկ շէնքեր, այլ`
Սերունդներու անխախտ հոգեւոր կամուրջներ:
ՌՈՒԲԷՆ ԽԱԺԱԿ, Լոյս տեսակ Ազդակ Օրաթերթի մէջ
***
Գրուած` Վրէժ-Արմէնի «Այո՛, ա՛յս ենք մենք» յօդուածին («Ազդակ» 19 դեկտ. 2024 https://www.aztagdaily.com/archives/635961 ) ի պատասխան