Lola Koundakjian: The Mulberry Tree
Click for the clip The Mulberry Tree read by the author, Lola Koundakjian.
Թթենին
Հէրային տարեդարձին առիթով
87րդ փողոցի հիւսիսային ափին
Երբ կը քալէի՝ գտայ փոքրիկ պարտէզ մը.
Կ’աճապարէի բայց կեցայ՝ ապշած
Հոն գտնուող թթենիին առջեւ:
Մարդիկ հոս հոն նստած՝
Պարտէզին մէջ կը խօսէին, կը խնդային:
Մէկը չէր նկատէր կարծես ծառը
Իր երկար ճիւղերով, իր փոքրիկ տերեւներով
Որոնք շուք կը տարածէին
Նստարանի մը վրայ, շրջապատուած հասուն թութերով,
ոտնափոխի տակ Ճզմուած:
Մէկը արդեօք օր մը նստած էր հո՞ն,
Քաղա՞ծ էր ափ մը թութ. կերա՞ծ էր.
Երազա՞ծ էր այդ նստարանին վրայ.
Նուիրած բարի յիշատակնե՞ր
Մանկութենէն քաղած վայրկեաննե՞ր
Եւ կամ սիրահարի մը հետ նստած
Վիշտ մը՞, երազ մը՞:
Լօլա Գունտաքճեան Յունիս 4, 2006
The Mulberry Tree
(To Hera, on her birthday)
As I was walking on the north side of 87th Street
I found a small garden.
Although I was in a rush, I stood there
Surprised to find a mulberry tree.
People were sitting here and there
in the garden, talking and laughing.
No one seemed to notice the tree
with its long branches and small leaves
which gave shade over a bench
surrounded by ripe mulberries crushed under foot.
Has anyone sat there?
Picked a handful of berries? Tasted them?
Recalled happy thoughts?
Some remembrances of childhood?
Or, shared a moment with a lover?
An anguish? A dream?
Copyright Lola Koundakjian, May, 2006
No comments:
Post a Comment