Յովհաննէս Ասպետ: ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ
Երբ իր սիրական տեսիլքը կը յայտնուի,
Իմ մտապատկերի պաստարին վրայ,
Աչքերս անյապաղ արցունքով կը լեցուի,
Ու թոգերս ջերմ շունչով իրեն կը տենչայ:
Հոգւոյս մէջ կ՝զգամ բռնկումն իր ուժգին,
Անցեալի այդ քաղցր օրերը՝ դիւթական,
Անմիջական հիմաներու կը վերածուին,
Ու դառն հիմաները՝ անցեալներ կ՝ըլլան:
Այս տարօրինակ տարուբերումիս մէջ,
Չեմ գիտեր թէ ուրտեղ պէտք է որ ըլլամ.
Հոգւոյս այս անսահման ովկիանին մէջ,
Դեռ իր հոգեպատկերին յարած կը մնամ:
Յովհաննէս Ասպետ
No comments:
Post a Comment