Նիկողոս Սարաֆեան: ՔՈՒՆԸ
Պատուհանին դէմ, բուրդի պէս դիզուած գորշ մշուշին,
Լռութեան դէմ անսահման,
Կատուս նստած կը նայի ու կը հանէ ձայնը հին
Ջահրի մը ծոյլ թաւալման։
Ջահրի մը ծոյլ թաւալման։
Ան կը մանէ։ Կը սահի աշխարհն ամբողջ իր մէջէն,
Կ’անցնի թելի պէս նրբին։
Ու կը շրջին անուրջներն իր մարմնոյն մէջ։ Կը շրջեն
Մանոցներն իր խոկումին։
Մերթ տրտմութիւնն ու ձանձրոյթն ու տատանումն ունի ան
Իր կեանքէն կուշտ պառաւին։
Գլուխը կախ՝ կ’երազէ։ Աչքերն իր խաժ կը լողան
Խէժի մը մէջ, կը փակուին։
Մերթ ըսփինքսի մը յոխորտ սեւեռումով կը նայի
Անմեկնելի, անիմաց
Խորհուրդներուն՝ որ կարծէք կուտան փողոցն ամայի,
Մխացող պատն իր դիմաց։
Կը քայքայուի, կը գգուի աշխարհն ամբողջ մշուշին
Հետ կը ձուլուի։ Մոռացման
Մէջ այդ խոնարհ, ընկղմած՝ ծառերն հազիւ կը շարժին,
Երազի պէս կը ծփան։
Քաղաքն ամբղոջ հեշտօրօր լռութեան մէջ մեղկօրէն
Կը ծաւալի, կը հալի։
Կ’անցնին շուքեր՝ յուշերու պէս, որ հազիւ կը փորեն
Մշուշն անհուն անցեալի։
Բայց սին պատրանք մը ըլլար կարծէք հեշտանքն անգամ այդ
Անփութութեան, մոռացման։
Կատուս նստած՝ կը մանէ, կը խառնէ շունչն իր՝ անյայտ
Թելին կեանքի մը անբան։
Ու կը մանէ ան քիչ-քիչ մշուշ մը թոյլ։ Կը պարպէ
Ինքզինք։ Երազ ու խորհուրդ
Ըսպառելով, տղու պէս, կը մրափէ անտարբեր՝
Պատուհանին առջեւ ցուրտ։
Նիկողոս Սարաֆեան
Փարիզ 1942
No comments:
Post a Comment