Ծովիկ Կարապետեան։ ՈՐԲԱՑԱԾ ՑԱՒ
Պարապ սարապ, աննպատակ կը թափառէր Արմէնը անծանօթ, խորթ, անհարազատ փողոցի մը մէջ:
Տարբեր բնութիւն, այդքան ուրիշ որ քամին չէր փսփսար ականջին, թռչունները նոյնիսկ օտար վարդապետութիւն կը քարոզէին կարծես:
Արմէնը չէր ուզեր վերադառնալ արցունքի խոնաւ հոտով սենեակը, որ ունէր չորս վրան յարձակող պատեր, առաւել հինգերորդ պատը, որ իր եւ իր մէջ՝ որբացած ցաւերուն պատն էր:
Շարունակեց քալել. մոխրագոյն ճամբաները կամաց-կամաց կը սահէին ոտքին տակէն. յանկարծ տարածուեցաւ էութեան մէջ քթին եկած մեղրածաղիկի բուրմունքը, յափշտակելով զինք տարաւ ծիածանի գոյներու ճանապարհէն:
Քայլերը արագացան, ծանօթ, շատ ծանօթ էր այս թաղը, նեղ ու երկար:
Աջին նստած էր դերձակ Անդրանիկը, իր խանութին առջեւ, աչքին սեւ ակնոց, ձեռքը ասեղ ու թել, ձախին վարպետ Վարդանը նարտի կը խաղար Սերոբին հետ, ու մէկ կողմէն կ’ըմպէին սուրճերնին: Արմէնին ոտքերը աւելի արագացան… քիթին կու գար Պարղուտին համեղ կարկանդակներուն հոտը:
Արմէնը Հոգետունէն անցնելով հասաւ հօրենական բակը:
Աչքերը խոշոր-խոշոր կը փայլէին, ձեռքերը քրտնած, իսկ սիրտը կարծես ցատկելով դուրս գար ու մագլցէր մեծ հօրը ցանած թութի ծառին վրայ:
Արեգակի նման յայտնուեցաւ բամպակէ, կլոր դէմքով, խնձորիկ այտերով, մխիթարական ժպիտով՝ մայրը… մէջքին կապած գոգնոցով ու ձեռքերուն վրայ՝ խմորի մնացորդներ:
Հոս թռչունները հայերէն կ’երգէին:
Արմէն անմիջապէս գոցեց աչքերը, պահելու համար դրախտային վայրկեանները յաւիտեան. երբ բացաւ զանոնք… ցնդած էին կախարդական աստղերը:
Կրկին մոխրագոյն էին ճամբաները ու ինք հասած էր իր հինգ պատնոց, արեւուն տակ նեխած սենեակը. հետը բերած էր մօրը պատրաստած նարինջի պաղ օշարակը։
«Հայրէնիք», 10 յունուար 2016
No comments:
Post a Comment