Խոսրով Ասոյեան։ Բագին
Վանի կողերը
կ՛այրին,
ատրուշաններ
խողազուրկ
յոգնած,
կ՛որոնեն կանչը
կոչնակներուն.
կռունկներ
կտուցներով
կարմրաթաթախ
կարկամ
կ՛ողբան,
բերդաքարեր
մորթիներով
բեռնաւորուած
պղծուած
անտուն,
մայրավանքեր
խոշտանգուող
տառապող
ամէն օր,
Արեւագալի
շողերուն հետ
շողերուն պէս
կը դողան,
մեղեդիներ
շրթներով
շնչաթաղ
շնչահեղծ
«Տէ՛ր, ողորմեա՛…»
կը մուրան,
Նարեկի
էջերէն
թաց
տողերէն
խոնաւ
մոռցուող,
Խորանին վրայ
արիւնլուայ
բռնաբարուող…
Հացեկացի
կողերը լքուած
մամռապատ,
հառաչանքով
աղերսանքով
բեռնաւոր կ՛ողբան,
Մաշտոցի Սուրբ
տառերը
որբ,
Ժամանակի
որոգայթին դէմ պայքարող,
բառերուն պէս
բառերուն հետ
հնչիւններուն
կը պղծուին
կը կորսուին
ամէն օր,
էջերուն պէս
կողերուն
մգլոտած
մսող…
Ծիածանի
օրերը
կը խախտին,
կը մերժուի
խորհուրդը
գոյներուն,
կը բոսորանայ
երկնակամարը,
կը մթնի,
կը փշրուի
համակարգը,
կ՛օտարանայ
համանուագը…
Խոսրով Ասոյեան, ԿԱՆՉԸ, 2011
No comments:
Post a Comment